2014-06-30 11:02:29

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հանդիպումը` Հռոմի թեմի նորընծաներուն հետ։


Շաբաթ, 28 յունիս 2014-ի երեկոյեան, Սուրբ Պետրոս եւ Պօղոս առաքելապետերու տօնին նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրին մօտ, հանդիպեցաւ Հռոմի Թեմի նորընծաներուն, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր քահանայապետի օրով հաստատուած աւանդական հանդիպումի ծիրէն ներս։
Հռոմի թեմի տեղապահ արքեպիսկոպոս` Կարտինալ Վալլինիին արտասանած խօսքէն ետք, Ֆրանչիսկոս Պապը անպատրաստից խօսք մը ուղղեց ներկաներուն, որուն մէջ հաստատեց թէ ''Քրիստոնեայ մը որ Մարիամին` Քրիստոսի մօր հանդէպ ջերմեռանդ չէ. Որբ է'', ''որովհետեւ Աստուածամայրը կարեւոր դեր մը ունի մեր կեանքին մէջ. Ան է որ մեզի կ՛ընկերակցի կեանքի կոչումին ընտրութեան ընթացքին, այնպէս ինչպէս ընկերացաւ իր Որդիին կոչումի ուղեւոութեան, որ եղաւ ցաւալի եւ դժուար''։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդգծեց թէ Քրիստոնեան պէտք ունի երկու Մայրերու`Աստուածամայրն ու Եկեղեցին, ու ''միշտ հարց տալու ենք թէ ի՞նչպիսի յարաբերութեան մէջ ենք անոնց հետ''։
Աստուած մեզմէ ամէն մէկուն կոչում մը տուած է։ Պէտք ենք զայն փնտռել, ընդունիլ եւ յառաջ տանիլ` ''վերջնական ընտրութեան հեռանկարով'' որ հակառակ է ''ժամանակաւոր'' մշակոյթին''։
Այս վերջնական ընտրութեան երեւոյթին դիմաց մէկ մը որ ապահով գիտակից է իր ճանապարհին Քահանայապետն է – ըսաւ Ֆարնչիսկոս Պապը – նախ քան շնորհակալութիւն յայտնելու ներկաներուն ու անոնց հետ միասին աղօթելու ''Ողջ լեր Թագուհի'' աղօթքը որուն աւարտին բոլորին տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.